2014-02-04 12:46:58

Ութը տարի առաջ Թուրքիոյ մէջ ` կը սպաննուէր Իտալացի Հայր Անտրէա Սանթորոն


2006-ի փետրուար վեցին, Տրապիզոնի մէկ շրջանի մէջ, ծայրայեղ թուրք ազգայնապաշտներու ձեռքով կը սպաննուէր` Իտալացի Հայր Անտրէա Սանթորոն։
Այդ արարքէն մէկ տարի ետք Պոլսոյ “Ակօս” թերթին խմբագիր` Հրանդ Տինք, 2007-ի յունուար 17-ին, իր մահկանացուն կը կնքէր, Ակօսի խմբագրատան դուռի սեմին։
Հայր Սանթորոյի սպաննութեան մասին արտայայտուելով, կարտինալ Քամիլլօ Ռուինին` Հռոմի թեմի երբեմնի տեղապահ արքեպիսկոպոսը, հաստատեց թէ ''Ան մեզի թողուց մեծ վկայութիւն մը'', ''որպէս առաքեալ գիտցաւ ինքնիրմէ դուրս ելլել ու ընթանալ դէպի մերաձւորը, նոյնիսկ երբ այս ընտրանքը կը նշանակեց ամբողջութեամբ ինքզինք նուիրել եղբայրներուն''։
Վերակոչելու համար Տոն Սանթորոյի յիշատակը, Հռոմի Եկեղեցին, յառաջիկայ փետրուար ամսուայ սկիզբը, կազմակերպած է երկու ձեռնարկ` առաջինը ուխտագնացութիւն մը դէպի Տրապիզոն իսկ երկրորդը` 5 փետրուարի երեկոյեան` հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագ, Հռոմի Երուսաղէմի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Կարտինալ Քամիլլօ Ռուինիին։







All the contents on this site are copyrighted ©.